ԱՄՆ-ի նախագահ Դոնալդ Թրամփը Fox News-ին տված հարցազրույցում նշել է, որ շատ դժվար զրույց է ունեցել Զելենսկու հետ և հերթական անգամ զգուշացրել նրան, որ Կիևը հաղթաթղթեր չունի: ԱՄՆ-ի նախագահը խոսել է նաև Ռուսաստանի դեմ լրացուցիչ պատժամիջոցների կիրառման մասին, շեշտելով, որ հարցը քննարկվում է, և դրանք կարող են կիրառվել։ «Ես միշտ դա պահուստում ունեի։ Անհրաժեշտության դեպքում կօգտագործեմ։ Ես կնախընտրեի դա չօգտագործել։ Ի դեպ, դա շատ կարևոր է»,- հավելել է Թրամփը։               
 

«ՈՒնեցածդ ամուր բռնէ...»

«ՈՒնեցածդ ամուր բռնէ...»
26.05.2023 | 21:44

«ՈՒնեցածդ ամուր բռնէ, որպէսզի մէկը չառնէ քու պսակդ»

(Յայտնութիւն Յովհաննու 3:11)

Յայտնութիւն Յովհաննուն Աստուածաշունչ Մատեանի 66 գիրքերուն վերջինն է։ Մեր պատանեկան տարիներուն քիչ մը մտահոգութեամբ եւ նաեւ վախով կը մօտենայինք այս գիրքին։ Մեզի կը բացատրէին թէ գիրքի մէջ ներկայացուած պատկերները՝պատերազմ, երկրաշարժ ու տակաւին՝ցոյց կուտար թէ աշխարհի եւ երկրագունդի կեանքի վերջաւորութեան նախանշաններ էին անոնք։ Եւ մեր պատանեկան հոգիներու համար քիչ մը անախորժ էր կարդալ աշխարհի վերջը բնութագրող հատուածներ։

Բայց ժամանակի ընթացքին եւ սերտողութիւններուն մէջէն՝սկսանք հասկնալ եւ տեսնել թէ այս գիրքը ոչ անպայմանօրէն կրնայ ներկայացնել աշխարհի վերջը։ Անոր մէջ տեղ գտած իւրաքանչիւր հատուած արժէ վեր առնել եւ համեմատել զայն ներկայի մեր ապրած կեանքի եւ անոր իրավիճակներուն հետ եւ տեսնել թէ Աստուծոյ խօսքը ինչքան իրական է մեր տիրող եւ ապրած-ապրող օրերու եւ իրադարձութիններուն հետ։ Եւ անպայմանօրէն՝ինչ՞ ըսելիք կրնայ ունենալ նոյն հատուածը մեր իրականութիւններու հետ։

Այսօր՝Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքին կը մօտենամ ակնածանքով որ կուտայ իմ-մեր կեանքերուն առաջնորդութիւն։

Հայաշխարհը կապրի տագնապ...։ Իւրաքանչիւր հայ՝Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք՝իր սրտին մէջ շալկած է մտահոգութիւն, յուսահատութիւն, յուսախաբութիւն եւ երեւի պոռթկում եւ...ցաւ։ Հայուն Արժէքը՝Արցախը կը սակարկուի...։ Եւ Արժէքը կեանք է եւ որ պէտք է «ամուր բռնել»։ Արցախը եւ անոր 120 000 մեր քոյրերը եւ եղբայրները մեր համահայկական կեանքի անքակտելի մասն է որ պէտք է «ամուր բռնել»։

Այսօր՝Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքը կը խօսի իւրաքանչիւր հայուն։ Ան ունի պատգամ մը մեր ապրած ներկայ օրուայ կեանքի համար։ Կը խօսի հայուն Արժէքին՝իմմա «Պսակի»ն մասին՝ եւ կը յորդորէ մեզի որ ամուր բռնենք զայն։ Եւ պէտք է ամուր բռնենք «որպէսզի մէկը չառնէ պսակը»։ Եւ «Պսակը» մեր Հաւատքը եւ անոր հաւաքական կեանքը կազմող իւրաքանչիւր միաւորն է: Իսկ մեր պարագային՞։ Մեր հաւատքի եւ անոր հաւաքական կեանքին կարևոր միաւորներէն է Արցախը: Յայտնութիւն Յովհաննուն կը խօսի որ «չի տանք» Հաւատքը եւ անոր միաւորները…: Չի տանք Արցախը որպէսզի մէկը «չառնէ զայն»։

Այսօր կանչուած ենք մեր կեանքի Արժէքը՝Արցախը՝մեր «Պսակը»՝ ամուր բռնել։ Եւ որպէսզի մէկը չառնէ զայն՝իմմա մեր «Պսակը»՝պարտինք զայն չի տալ։ Հայն է որ պիտի չի տայ զայն...։

Արցախը համայն հայութեան Արժէքն է եւ մեր «Պսակն» է։ Եւ որ չի սակարկուիր...։

Եւ այն Արժէքը որ չի սակարկուիր՝ պարտինք «ամուր բռնել» զայն...։

Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ,

Մայիս 25, 2023

Դիտվել է՝ 3589

Մեկնաբանություններ